2008-11-21 12:13:07

Ծիսական ժամանակացոյց - Ուրբաթ` նոյեմբեր 21 տօն Ընծայում Սուրբ Կոյսի Մարիամ Աստուածածնի։


Ընծայումը Սուրբ Կոյսի Մարիամ Աստուածածնի։

Ս. Աստուածածնայ առաջին կեանքը Աւետարաններու մէջ յիշուած չէ, բայց աւանդութեամբ գիտենք թէ Մարիամ իր Յովակիմ եւ Աննա ծնողքին ամլութեան զաւակն եղած է եւ ուխտով ստացուած ։ Այս ուխտին համեմատ Յովակիմ եւ Աննա իրենց միամօր զաւակ Մարիամը երեք տարեկանին տաճարին ընծայած են, որպէսզի հոն նուիրուած այրերուն եւ կոյսերուն հսկողութեան ներքեւ աստուածապաշտութեան մէջ զարգանայ եւ տաճարին ծառայէ։ Այս ընծայման կամ նուիրման տօնը կը կատարենք հաստատապէս Նոյեմբեր 21-ին` որ օրն ալ հանդիպի, հետեւելով Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու սովորութեան։ Այս տօնը մեր հին տօնացոյցերու մէջ բնաւ չ՛երեւիր, եւ հազիւ երեք դարէ ի վեր մուտք գտած է մեր մէջ, նախ կամաւոր եւ յետոյ պարտաւորիչ դարձած։

Նոյեմբեր 21ը կաթողիկէ եկեղեցին հռչակած է որպէս վանական կեանքի նուիրուած այրերու ու կոյսերու օգնութեան օր։

Ս. Աստուածածնայ Շարականէն։

Անձս կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով` իմ Փրկչովս որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան։

Ս. Աստուածածինը օրհնութիւններով մեծարենք։ Աւետաբեր հրեշտակը` Ս. Կոյսէն ծնող Փրկիչը կ՛աւետէր ըսելով անոր. ուրախացիր քեզի հետ է տէրերու Տէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.